ՄԱՅԻՍ 28-Ն ՀՐԱՒԷՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԶՕՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

Դարձեալ Մայիս 28 է։ Ազատութեան ու անկախութեան ձգտող ու պայքարող հայ ժողովուրդին համար իւրաքանչիւր օր Մայիս 28 է ու պէ՛տք է ըլլայ։   Այս տեսլականով ու յանձնառութեամբ սերունդներ կազմաւորուեցան։ Եռագոյնով ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեամբ վերակերտելու հաւատքը ու կամքը տասնամեակներ շարունակ իմաստաւորեցին օրերը մեր ժողովուրդի զաւակներուն։   Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական պայմաններու պարտադրանքով մեր կորսնցուցած անկախութիւնը 1991-ին վերականգնեցինք՝…