ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՈՒՂԻՈՎ, ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՈՒԽՏՈՎ

Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս 16 Մարտ 1931-ին, շնորհաբեր որոշումով մը, կը հաստատէ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի «Ուխտի Օր»ը: Ահաւասիկ, անկոտրում հաւատքի արտայայտութեան ցոլացում մը, որ կը լուսաւորէ մեր եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներուն համայնական կեանքը:

 

Հայոց աշխարհի անզուգական լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բազմաչարչար Հայրապետին Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակումը եւ միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի ուխտի օրուան տօնախմբութիւնը եզակի առիթներ են վերյիշելու մեր արմատները, ամրապնդելու մեր ինքնութիւնը եւ կառչած մնալու մեր հաւատամքի ուղիղ վարդապետութեան:

 

Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն իր միասնական հաւատքը արտայայտելու համար այլազան մօտեցումներ կ՚որդեգրէ եւ սովորաբար այդ մօտեցումները ժամանակի ընթացքին կը վերածուին բոլորին կողմէ ընդունուած աւանդութեան: Այս իմաստով, Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, յարգարժան աւանդութիւն դարձած է, որ հաւատացեալներ տօնին նախօրէին Մայրավանքին մէջ գիշերեն՝ իրենց ժամանակը նուիրելով աղօթքի եւ խորհրդածութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը եւս անմասն չի մնար սոյն հոգեպարար եւ գօտեպնդիչ տօնախմբութենէն: Դպրեվանեցիներ, որպէս հայ կեանքի ապագայ մշակներ, իրենց կոկոն հաւատքը կը ծաղկեցնեն յիշեալ տօնին նախօրէին, առաւօտուն աղօթաշունչ ուխտերթ կատարելով՝ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն դէպի Անթիլիասի Մայրավանք, ուր անոնք կը մասնակցին Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Իսկ Կիրակի օր, մեծաթիւ հաւատացեալներ մասնակից կը դառնան սուրբին Աջով գլխաւորուած Հայրապետական թափօրին եւ ապա՝ ջրօրհնէքի արարողութեան: Այսպիսով կը վերանորոգուի իւրաքանչիւր հաւատացեալի ուխտը, քաջ գիտակցելով որ ուխտել կը նշանակէ ապրիլ արժանապատիւ կեանք մը, պայքարիլ՝ կանգուն պահելու համար մեր դաւանած արժէքները եւ հաւատարմօրէն ծառայել՝ հասնելու համար մեր անհատական ու հաւաքական նպատակներուն:

 

Այսպէս, Անթիլիասի «Ուխտի օր»ը հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն համար իւրայատուկ եւ բաղձալի օր մըն է: Անիկա տարբեր հնչեղութիւն մը ունի հաւատացեալներու ներաշխարհին մէջ, որովհետեւ մեր կեանքի միջնաբերդը հանդիսացող Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին անուանակոչութեան տօնն է: Յատկանշականօրէն սրտառուչ ապրում մըն է տեսնել ու զգալ հաւատացեալներու ու ուխտաւորներու ջերմեռանդութիւնը՝ սոյն հոգեպարար եւ խորիմաստ տօնախմբութեան նկատմամբ: Այս մէկը գործնական ապացոյցն է այն խոր հաւատքին, զոր հայ ժողովուրդը կ՚ընծայէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի զօրութեան ու անոր բարեխօսութեան եւ որուն ընդմէջէն, մեր հայրերուն անմար շունչով, կը վերանորոգենք մեր յաւիտենականօրէն արդար եւ անժամանցելի ուխտը:

 

Ժամանակը իր յորձանուտ տագնապներով եւ կեանքը իր յարափոփոխ ընթացքով կը շարունակուին: Արդիւնաւէտ ձեւով գոյատեւելու համար, իւրաքանչիւրս կարիքը ունի տիպար եւ օրինակելի հերոսներու, որպէսզի անոնց կենսափորձէն սորվելով կարենանք դուրս գալ խոր վիրապային կացութիւններէ: Այս իմաստով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բոլորիս համար եղաւ այն լուսաւոր դէմքը, որ իր Աստուածահաճ կեանքով կերտեց, յեղափոխեց ու բարեկարգեց մեր անձերը: Սուրբին ներգործող օրինակը պատճառ դարձաւ, որ մենք մեր հաւատքի կեանքին մէջ յուսադրուինք, ներշնչուինք եւ ամրանանք, որպէսզի առանց վհատելու կարենանք շրջանցել կեանքի դժուարութիւնները եւ իմաստաւորել մեր էութիւնը՝ Տիրոջմով զօրացած:

 

«Գրիգոր Լուսաւորիչ իր ապրած ժամանակաշրջանի ընթացքին միայն լոյս չդարձաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ իր լոյս առաքելութեամբ, այլ եղաւ մնայուն եւ լուսեղէն ներկայութիւն մեր պատմութեան ընթացքին»։ Անթիլիասի ուխտի խորհուրդը ամբողջականօրէն արժեւորող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասէն ուժեղօրէն հնչող սոյն հաստատումը, այսօ՛ր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, բոլորիս համար խթանող ոյժ եւ գիտակից կեանքի յուշարար ղօղանջ կը հանդիսանայ, վերանորոգելու համար Լուսաւորիչի հաւատարիմ շառաւիղ՝ Կիլիկեան մեր ուխտը:

 

ԳԷՈՐԳ ԱԲՂ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ