12 March, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆԸ

Շաբաթ, 12 Մարտ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի այցելութիւնը:

Անցնող շաբաթուան ընթացքին, Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բժշկական խումբ մը, ծանօթ Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութիւն (Fresno Medical Mission) անունով, այցելեց Լիբանան՝ առողջապահական մարզին մէջ օգտակար ըլլալու լիբանանահայութեան: Անոնք իրենց հետ նաեւ մեծ քանակութեամբ դեղորայք բերած էին:

Բժշկական խումբը այցելեց զանազան կառոյցներ եւ կատարեց բժշկական քննութիւններ Լիբանանի հայ համայնքէն ներս՝ բարեսիրական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին Աբգարեան ընդհանուր գիծերով զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին բժշկական խումբին կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց ու իր օրհնութիւնը փոխանցեց Պերճ Աբգարեանին եւ բժշկական խումբին մաս կազմող բժիշկներուն, անոնց կատարած յոյժ կարեւոր առաքելութեան համար:

Յայտնենք, որ անոնք անցնող տարիներուն նոյն առաքելութեամբ մեկնած էին Հայաստան ու Արցախ: