ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ՈՒՍՈՒՄՆՍԿՍՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ին, Լիբանանի թեմի Ուսումնական Խորհուրդն ու ազգային վարժարանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
 
Այցելութեան նպատակն էր Նորին Ս. Օծութեան շնորհակալութիւն յայտնել ուսուցչաց տօնին առիթով Լիբանանի ու Սուրիոյ բոլոր հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն կատարած նիւթական օժանդակութեան համար:
 
Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքին՝ զայն նկատելով առաքելութիւն: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցը իր էութեամբ առաքելութիւն է եւ զայն իրագործողը հայ ուսուցիչն է: Եթէ կ՚ուզենք հայ դպրոցին առաքելութիւնը առաւել ծաղկեցնել, պէտք է հայ ուսուցիչին նկատմամբ գործնապէս յարգանք ու գնահատանք ցուցաբերենք: «Որեւէ ժամանակէ աւելի, հայ ուսուցիչին կողմէ կատարուող առաքելութիւնը կոչումի գիտակցութեամբ հարկ է որ կատարուի, որովհետեւ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, հայապահպանումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է եւ այս ծիրէն ներս հայ ուսուցիչին դերը վճռական է», շեշտեց Հայրապետը: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ ընկերային ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան էական տարածքներէն մէկն է: Հետեւաբար, մեր կարելիութեան սահմաններէն ներս պիտի շարունակենք զայն կատարել: