ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան։ Ներկայ էին Խորհուրդի չորս նախագահներն ու Վարչութեան բոլոր անդամները։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան։

 

Ժողովի գլխաւոր օրակարգերն էին Մայիս 2022-ին Եգիպտոսի մէջ կայանալիք, ղպտի եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, Մ.Ա.Ե.Խ.ին 11-րդ համաժողովի ծրագրի քննարկումն ու ընդհանուր քարտուղարութեան եւ Խորհուրդի միաւորներուն զեկոյցներու ներկայացումը։

 

Ժողովը մանրամասնութեամբ քննարկեց Խորհուրդին 11-րդ համաժողովին հնգօրեայ ծրագիրները, որմէ ետք լսեց ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապսի եւ միաւորներու զեկոյցները։

 

Ժողովականները մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքները, հակառակ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն։

 

Աղօթքով իր աշխատանքները սկսած Վարչութիւնը նոյնպէս աղօթքով փակեց նիստը, բոլոր օրակարգերուն համապատասխան լուծումներ տալէ ետք։