ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր ամէնօրեայ խնամքին կիզակէտը դարձուցած է իր հոգեւոր-ազգային խնամքին յանձնուած բանաւոր հօտը, մանաւանդ երբ ան ընկերատնտեսական բազմապիսի դժուարութիւններու մէջ կը տուայտի եւ իր յոյսի փարոսը կը նկատէ հայ եկեղեցին։

Հակառակ արտաքնապէս պարտադրուող եւ օր ըստ օրէ առաւել եւս սաստկացող տարածաշրջանային ամէն տեսակի աշխարհաքաղաքական խոչընդոտներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հայ-քրիստոնէական կոչումի օղակաւորումի անքակտելի խոր գիտակցութեամբ կը շարունակէ իր համազգային առաքելութիւնը եւ Հայաստան, Արցախ ու Սփիւռք եռագնաց անսահմանափակ ծառայութեամբ կը ջանայ իր կարելին ընծայաբերել հայապահպանումի եւ հայակերտումի սրբազան ուխտի սեղանին։ Եւ այս բոլորը, որպէսզի ամէն տեղ ծաղկի, կազմակերպուի եւ հզօրանայ հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթը, հայ պահանջատիրութիւնը, հայ հայրենիքը. ի մի բան՝ համայն հայութիւնը անխտիր, երբ մանաւանդ այս տարի Հայրապետական հռչակագիրով ազգովին հրաւիրուած ենք «Սփիւռքի Տարի»ի պրիսմակէն դիտելու եւ արժեւորելու մեր պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները եւ մեր մանուկներուն աչքերուն մէջ արիաբար նայելով՝ հայ պատմութեան դիմաց հաշիւ տալու մեր կատարածին համար։

Այս մտածումները մեզ կ՚այցելեն այս հանգրուանին, երբ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս 9 Մարտի նախօրեակին, Ուսուցիչներու Տօնին առիթով, Լիբանանի եւ Սուրիոյ 1062 հայ ուսուցիչներուն իր Հայրապետական օրհնութիւնը կը բաշխէ եւ նիւթական գնահատանքը կը յայտնէ։ Մանաւանդ Մեծ Պահքի այս օրերուն, այս մէկը այնքա՜ն դիպուկօրէն կը ցոլացնէ Տէրունի այն հրահանգը, որ հօր կը թելադրէ հաց ուզող զաւակին քար չտալ (հմմտ. Մտ 7.9)։ Առաւել, կը պատգամէ նաեւ, որ հարցը տրամադրուած գումարին մէջ չէ, այլ անով արտայայտութիւն գտած խորհրդանշական հայրական զօրակցութեան մէջ, որ կը թարգմանուի որպէս յանուն հայ աշակերտին եւ հայ ծնողքին երախտիքի անգին խօսք ըսել եւ սիրտէ-սիրտ զգացում թրթռացնել Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անդուլ յաջորդներուն։

Այս զուգուրդումով, միտքս կու գան Սրբոց Թարգմանիչ Վարդապետներուն եւ անոնց ընդմէջէն մեր հայ գիրի բոլոր մշակներուն ու ուսուցիչներուն նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականին այս տողերը, որոնք Շարակնոցէն փոխ առնելով Ուսուցչապետ՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ իրեն առաքելակից մեր բոլոր հայ ուսուցիչներուն կը նուիրեմ բոլոր հայ աշակերտներուս կողմէ՝ ի յիշատակ մեր բոլոր հանգուցեալ ուսուցիչներուն եւ ի յարգանս ողջ ուսուցիչներուն. «Սուրբ առաքեալներուն ճշմարիտ սիրոյ օրինակին նման Ս. Հոգիին անսպառ շնորհները ձեզմէ աղբերացան մեր մէջ»։

5 Մարտ 2022

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ