ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ե.Հ.Խ.ի որոշումներ կայացնող բարձրագոյն մարմինը, իր ընդհանուր ժողովը գումարեց առցանց, 9-16 Փետրուար 2022-ին։ Աւելի քան 200 անդամներէ եւ խորհրդատուներէ բաղկացած ժողովը հիմնական օրակարգ ունէր Ե.Հ.Խ.ի 11-րդ համաժողովը, որ նախատեսուած է գումարուիլ Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ՝ «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան» թեմայով։

 

Գործադիր ընդհանուր քարտուղարը իր յստակ յանձնառութիւնը փոխանցեց համաժողովին գործընթացին՝ դիտել տալով, որ թագաժահր համաճարակին հետեւանքով արդէն մէկ անգամ յետաձգուած է համագումարը եւ ներկայիս Գերմանիոյ եկեղեցիներուն եւ կառավարութեան հետ առաւելագոյնս կը կատարեն յաջողցնելու համար ծրագիրը։ Ան աւելցուց, որ, ըստ համաճարակի կացութեան, Ե.Հ.Խ.ը կը պատրաստուի ընդունիլ 1000-5000 եւ կամ աւելի մասնակիցներ։

 

Կեդրոնական Վարչութիւնը յաջողութեամբ փակեց ժողովը, որուն ընթացքին արծարծեց Համագումարին որդեգրած բանաձեւերու, Ե.Հ.Խ.ի ծրագիրներու եւ պիւտճէի  վերահսկողութեան օրակարգերը։ Նշենք, որ սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։ Աւելցնենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նախկին ատենապետ Գարլա Խիճոյեան կը շարունակէ Ե.Հ.Խ.ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժնի պատասխանատուի իր պաշտօնը։