Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապսին։
Պատուիրակութիւնը նախ ընդհանուր զեկոյց մը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, Մ.Ա.Ե.Խ.ի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ, ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուելու Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Մ.Ա.Ե.Խ.ի ընդհանուր համաժողովին եւ իր խօսքը ուղղելու։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ ետք պատուիրակութեան անդամները, կարեւորութեամբ շեշտեց Մ.Ա.Ե.Խ.ի նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքներ իրագործելու անյետաձգելի հրամայականը, յատկապէս շրջանը եւ եկեղեցիները դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։