1062 ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

ՆՇՄԱՐ

Երեւոյթ մը, որուն մասին հարկ է անդրադառնալ: Երեւոյթ մը, որ մեզ կը հրաւիրէ լուսարձակի տակ բերելու հայ ուսուցիչին առանցքային կարեւորութիւնը, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Այսպէ՛ս հաւատացած է ու ա՛յս հաւատքով գործած է Վեհափառ Հայրապետը, Լիբանանի իր առաջնորդութեան օրերէն սկսեալ:
 
Ճի՛շդ է, յատկապէս վերջին տարիներուն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապի դառն պայմաններուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը օժանդակեց ու կը շարունակէ օժանդակել հազարաւոր կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ մեր կառոյցներուն: Սակայն, ուսուցիչներուն կատարուած ներկայ օժանդակութիւնը վստահ եմ, որ Նորին Սրբութեան համար տարբեր իմաստ ու նպատակ ունի:
Անիկա արտայայտութիւնն է,
-հայակերտումի առաքելութեան նկատմամբ Վեհափառին ունեցած առաջնահերթ կարեւորութեան:
-հայ մարդու կազմաւորման լծուած հայ դպրոցին վիճակուած նուիրական կոչումին:
-հայ դպրոցին առաքելութիւնը իրագործող հայ ուսուցիչին նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած յարգանքին ու գնահատանքին:
-ուսուցչաց տօնին առիթով 1062 ուսուցիչներուն կատարուած օժանդակութիւնը՝ արտայայտութիւնն է, Սփիւռքի վերակազմակերպման հաւաքական աշխատանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու կոչուած հայ ուսուցիչին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ունեցած սպասումին:
 
Ահա թէ ինչո՛ւ, սովորական իմաստով պէտք չէ մօտենալ Հայրապետին հայրական օժանդակութեան: Հայ ուսուցիչին նկատմամբ անիկա գնահատանք է ու միաժամանակ սպասում: Անիկա նաեւ յիշեցում մըն է, մեր շրջապատին՝ թէ որքան կենսական է դերը հայ դպրոցին ու հայ ուսուցիչին:
 
ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ