4 March, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԿԻԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամմետ Մուրթատայի, «Մշակութային Բազմազանութիւն՝ Քաղաքացիութեան եւ Պատկանելիութեան Միջեւ» խորագրով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, յոյն կաթողիկէ Պատրիարքական կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային Կեդրոնին եւ համագործակցութեամբ Մշակոյթներու Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին։ Սոյն ձեռնարկին, տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու կողքին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, որ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսքը։

 

Ողջունելէ ետք կազմակերպիչները նման ձեռնարկի մը կայացման համար, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծած էր համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ ներկայ ժամանակներու ընկերութիւնը բազմազանութեամբ կը յատկանշուի եւ ուստի կը պահանջէ երկխօսութիւն՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Հայրապետը լուսարձակի տակ առած էր Լիբանանի ընկերային դրուածքը, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ուր հայեր իբրեւ տիպար քաղաքացիներ կ՚ապրին ու կը ստեղծագործեն՝ պահպանելով իրենց մշակոյթն ու կրօնքը։ Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրած էր կողմերու միջեւ փոխ-հասկացողութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ առողջ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան վրայ։