4 March, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՆԻՒԹԱՊԷՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ուսուցչաց տօնին առիթով, 9 Մարտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն: Այս առիթով, Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն կատարեց Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ (400) անխտիր բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ յիշեալ երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ, մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն առընթեր, հրամայական է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր ուսուցիչներուն:
 
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, հետեւողական կերպով, ընկերային ծառայութեան ճամբով կ՚օժանդակէ համայնքային կառոյցներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: