2 April, 2022

«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԵՑԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ

Անթիլիասի Ոխտի օրուան նախօրէին, Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ սրբազան մասունքները, որոնց օրհնութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն համայն հայութեան եւ ներկայ ուխտաւոր հայորդիներուն պիտի բաշխուի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ուխտի օրուան աւանդական թափօրի ընթացքին, զոր կը գլխաւորուի հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով։