Դարձեալ Մայիս 28 է։ Ազատութեան ու անկախութեան ձգտող ու պայքարող հայ ժողովուրդին համար իւրաքանչիւր օր Մայիս 28 է ու պէ՛տք է ըլլայ։
Այս տեսլականով ու յանձնառութեամբ սերունդներ կազմաւորուեցան։ Եռագոյնով ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեամբ վերակերտելու հաւատքը ու կամքը տասնամեակներ շարունակ իմաստաւորեցին օրերը մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական պայմաններու պարտադրանքով մեր կորսնցուցած անկախութիւնը 1991-ին վերականգնեցինք՝ անկախ ազգերու շարքին եռագոյնը բարձրացնելով եւ միջազգային համայնքին դիմաց հայրենիքին անկախութիւնը ամրացնելու մեր վճռակամութիւնը հաստատելով։
Անցնող 30 տարիներուն, իւրաքանչիւր հայ ազգին հաւաքական տունը ամրացնելու ու ծաղկեցնելու համազգային ճիգին տարբեր կերպերով բերաւ իր մասնակցութիւնը։ Սակայն, դժբախտաբար, ահաւոր փտածութիւնը, անհեռատես քաղաքականութիւնը ու ջլատիչ անմիաբանութիւնը, դարձան քանդիչ ներկայութիւն Հայաստանի մէջ։ Մինչ մենք մեր յաղթանակով շլացանք, առանց զայն դիւանագիտական յաղթանակի ու տնտեսական զարգացման վերածելու եւ մեր բանակը կազմակերպելու, թշնամին լուր կերպով պատրաստուեցաւ՝ հերոսներու արիւնով ձեռք ձգուած մեր յաղթանակը պարտութեան վերածելու վճռակամութեամբ։ Եւ պատահեցաւ աղէտը…։ Կորսնցուցինք հայու արիւնով ազատագրուած հողամասեր։ Կորսնցուցինք շուրջ հինգ հազար հերոսներ։ Կորսնցուցինք հայու ստեղծագործ ոգիին ու հաւատքին արտայայտութիւնը եղող վանքեր, եկեղեցիներ եւ մշակութային անհամար կոթողներ։
Այսօր յուսահատութեան ու անորոշութեան ամպեր կուտակուած են Հայաստանի ու Արցախի երկինքին վերեւ։ Վերանկախացած Հայաստանի հզօրացման մասնակից դարձած Սփիւռքի հայութեան երկնակամարը սկսած է ծածկուիլ անտարբերութեան ու յոռետեսութեան ամպերով։
Արդարեւ, խոր ցաւով ու մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Փաստօրէն, հայ կեանքէն ներս փոխադարձ ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը դարձած են տիրական։ Արցախի պատերազմէն ետք փոխանակ մեր ոյժերը համախմբելու, մեր միասնականութիւնը ամրապնդելու ու մեր ներուժը կազմակերպելու, ներքին բեւեռացումը դարձած է աւելի խոր՝ ազգակործան եւ հայրենաքանդ վտանգներով լեցուն։ Ներկայ կացութեան դիմաց, մեր թշնամին դարձած է աւելի պահանջկոտ ու յարձակողապաշտ եւ մեր մօտաւոր ու հեռաւոր գործընկերները ու բարեկամները սկսած են անտարբեր ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ։
Ապրիլ 24-ի Հայրապետական Մեր պատգամին մէջ Մեր խոր մտահոգութիւնը արտայայտեցինք, միաժամանակ Մեր յստակ պատկերացումը պարզեցինք Հայաստանի ներկային ու մանաւանդ ապագային նկատմամբ։ Ըսինք ու կը կրկնենք.-
Մենք խաղաղութեան գործընթացին համաձայն ենք, սակայն ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան եւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման։
Մենք տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացման սկզբունքով համաձայն ենք. սակայն ո՛չ ի հեճուկս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման։
Պարտուողական ու զիջողական դիրքերէ պէտք չէ բանակցինք եւ պէտք է խուսափինք համաձայնագրեր ստորագրելէ։ Հայաստանի իշխանութիւնը այսօր, վաղը եւ մի՛շտ, պէտք է գիտակցի, որ համահայկական բնոյթ ու տարողութիւն ունեցող խնդիրներու գծով իրաւունք չունի առանձին որոշումներ առնելու։ Հայաստանի բարեկամները ու թշնամիները եւս պէտք է գիտնան, թէ հսկայ Սփիւռք մը կայ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ անոնց պահանջներուն ետին։
Իր հողային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնիշխանութիւնը կորսնցնելու վտանգին ենթակայ, անորոշ ապագայի դիմաց գտնուող Հայաստանը կարիքը ունի խոհեմութիւն ու հեռատեսութիւն, քաջութիւն ու տեսլական ունեցող քաղաքական ղեկավարներու, որոնք կարենան.-
— Հայրենիքի գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբել մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ անսասան պահել Հայաստանի գերիշխանութիւնը։
— Վերջ տալ այլամերժութիւնը խորացնող ու բռնութեան առաջնորդող բեւեռացումներուն։
— Արցախի հայութեան ինքնորոշման արդար իրաւունքը սակարկութեան նիւթ չդարձնել։
— Հայոց բանակին հզօրացումը ու արդիականացումը նկատել առաջնահերթ։
Ըլլանք արթուն։ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը բարի դրացնութեան քօղին ներքեւ կ՚ուզեն կտրատել Հայաստանը ու ջլատել մեր ազգին ոյժը։
Ըլլանք իրատես։ Ներկայ վտանգալից կացութեան շարունակումը պիտի հիւծէ մեր ներուժը, քայքայէ տնտեսութիւնը եւ արտագաղթի դռները լայնօրէն պիտի բանայ։ Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին, ահաւոր տագնապներով շրջապատուած ու հոգեվարքի մէջ գտնուող Արցախն ու Հայաստանը, Սփիւռքին հետ միասին, հրամայական ու անյետաձգելի կարիքը ունին հայրենիքը դէպի փրկութիւն առաջնորդող ամուր միասնականութեան։
Սարդարապատի միասնականութիւնը փրկեց Հայաստանը։ Այսօր եւս Սարդարապատեան շունչով ու ոգիով թրծուած նո՛յն միասնականութիւնը պիտի փրկէ մեզ։
Մայիս 28-ն հրաւէր է զգաստութեան ու ինքնաքննութեան եւ կոչ՝ պատասխանատուութեան ու նպատակասլաց յանձնառութեան, ի խնդիր միակամ հայութեան, ինքնավար Արցախի եւ հզօր Հայաստանի։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
28 Մայիս 2022
Անթիլիաս, Լիբանան