Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022 թուականը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Գանատայէն՝ Լոռի Պէրպէրեան, Հայաստանէն՝ Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն՝ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Տրուած ըլլալով, որ առաջին նիստը յատկացուած էր ընդհանուր մտածումներու տեսութիւններու ներկայացման, որոշուած էր որ երկրորդ հանդիպումը իբրեւ օրակարգ ունենայ քայլ մը դէպի գործնականացում նիւթը, հեռանկար ունենալով «Սփիւռքի Տարի»ն տարբեր ձեւերով յատկանշելու առաջադրանքը։
Վեհափառ Հայրապետը բացման իր խօսքին մէջ ընդգծեց.-
ա) Սփիւռքը կարիքը ունի վերակազմակերպումի․ այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ հարցադրումը՝ արդեօ՞ք Սփիւռքը պատրաստ է վերակազմակերպուելու։
բ) Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ՝ հարցերու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդումին։
գ) Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւորումի գործընթացի մշակումը․ եւ այստեղ իբրեւ ենթաբաժին՝ եկեղեցին, եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիներն ու միութիւնները եւ մեր աւանդական կառոյցները։
Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց, որ նոր օրակարգերու ճշդումի հրատապութիւնը, ի պահանջեալ հարկին, կառոյց, համակարգ, մեթոտաբանութիւն եւ կանոնագրութիւններ արմատապէս բարեփոխելու սկզբունքը։
Այնուհետեւ ծաւալեցաւ մասնագիտական մակարադակի քննարկում։ Ժողովականները կեդրոնացան Սփիւռքի այսօրուան քարտէսին, տարբեր բնութագիրներուն, կորիզ-շերտեր յարաբերակցութեան եւ աշխատանքի թիրախաւորման, ընդհանուր նուազագոյն համաձայնական փաստաթուղթի մը մէջ ամփոփելու համասփիւռքեան առաջադրանքներուն, արհեստագիտութեան, արհեստավարժութեան, թուային-ելեկտրոնային ծրագիրներու լիարժէք օգտագործման՝ ցանցային համակարգեր ստեղծելու հնարաւորութիւններուն եւ յատկապէս մասնագիտական բնագաւառներով նոր աշխատակարգեր որդեգրելու հրամայականին։
Նախորդ նիստին առանցքային կարեւորութեամբ նշուեցաւ երիտասարդութեան եւ կանանց ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։ Այս երկրորդ նիստին օգտաշատ մասնակցութիւն ունեցան երիտասարդ խաւի ներկայացուցիչներ, որոնք աշխոյժ ներկայութիւն են սփիւռքահայ կազմակերպ կեանքին մէջ։
Նիստի եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը քննարկումի ընթացքին հնչած տեսակէտները ամփոփ կէտերու մէջ բանաձեւեց եւ ընդգծեց երեք ուղենիշ յետագայ աշխատանքներուն համար.-
ա.- Հաւաքական արժէքներ
բ.- Ինքնութիւն
գ.— Մասնակցութիւն
Բացատրելէ ետք կէտերու առաջնահերթութիւնը, թէ հաւաքական արժէքներ դաւանելով է, որ ինքնութեան հարցը կը սկսի բիւրեղանալ եւ մասնակցութիւնը կ՚ապահովուի, Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յատյնեց խորքային քննարկումի մասնագիտական մակարդակին եւ հաստատեց, որ ինչպէս առաջադրուած էր այս նիստը արձանագրեց քայլ մը դէպի աշխատանքային ուղղութիւններ, դէպի գործնական դաշտ։