Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.) մօտ Լիբանանի դեսպանին՝ Ֆուատ Շըհապ Տանտանին այցելութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ա.Մ.Է. եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։

 

Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցան Ա.Մ.Է. մէջ հաստատուած հայ համայնքին առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց առաջնորդ սրբազանին եւ դեսպանին միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ սրբազան հօր ունեցած կապերը այլ համայնքներուն եւ պետական շրջանակներուն հետ։ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դեսպան Տանտանին՝ հոն հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած նախանձախնդրութեան ու աջակցութեան համար։