11 April, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 10 Ապրիլ 2021-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւնը։

 

Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան։ Իսկ Վեհափառ Հայրապետին յատուկ արտօնութեամբ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Հոգշ. Տ. Պետրոս Մանուէլեանը Ծայրագնութեան աստիճանները պիտի ստանան իրենց ծառայած թեմերէն ներս։

 

Ապա, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։ Ան իր քարոզին առանցքը դարձուց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը՝ արտասանուած Լերան Քարոզի պահուն.- «Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը Ոչ. անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37)։ Ան յիշեցուց, որ Յակոբոս առաքեալ ընդհանրական իր նամակին մէջ նոյն խօսքն է որ կ՚արտասանէ. սակայն աւելի վերլուծական ու խորունկ զայն կը ներկայացնէ Պօղոս առաքեալ՝ կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին սկզբնաւորութեան եւ կը յայտարարէ, որ Աստուծոյ այո-ն մարդկութեան եւ աշխարհին համար նոյնինքն Տէր Յիսուս Քրիստոսն է եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անուններէն մէկն է այո-ն։ Ան հնազանդեցաւ Իր Հօրը կամքին, խօսեցաւ Հօրը խօսքը, տարածեց մարդկութեան փրկութեան աւետիսը եւ Իր կեանքի գնով զայն պատշտպանեց։

 

Խօսելէ ետք վերոյիշեալ Քրիստոսի խօսքին մասին, սրբազանը իր խօսքը ուղղեց նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն եւ ըսաւ, որ ձեռնադրութեան Մաշտոցը այնքան ամբողջական կերպով կը նկարագրէ եւ կը հրաւիրէ ձեզ, որ ոչ միայն հնազանդութեան, այլ ուխտաւորաբար շարունակելու ձեր այն առաքելութիւնը, որ Տէրը կտակեց Իր աշակերտներուն, Իր հետեւորդներուն եւ տուաւ զօրութիւնը, որպէսզի կարողանաք համարձակօրէն արտայայտուիլ եւ ուսուցանել։

 

Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններուն՝ սրբազանը ըսաւ, որ այս օրերուն յատկապէս, երբ ամբողջ մարդկութիւնը տագնապներէ կ՚անցնի, մեր ժողովուրդը ու մեր եկեղեցին կարիքը ունին ո՛չ թէ խօսքին ճարտարութիւնը ունեցող անձերու, այլ համոզումը, հաւատքը, յանձնառութիւնը ու մանաւանդ խօսքը գործի վերածելու գիտակցութիւնը։ Կը հաւատամ, որ այս նուիրական Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը այսպէ՛ս եղած է դարերու ընթացքին եւ այսպէ՛ս կը շարունակուի այսօր՝ առաջնորդութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

 

Իր քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի իր Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցէ նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն։ Այս առիթով, Հայրապետը իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եւ թելադրանքները փոխանցեց նոր աստիճանակիր հայր սուրբերուն։

More News