2 April, 2021

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ՊԷՏՔ Է ԳԵՐԵԶՄԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՌՆԱՆՔ ՆՈՐ ՄԱՐԴ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հակառակ համաճարակին ստեղծած ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն, անցնող օրերուն Աւագ Շաբթուան, ինչպէս նաեւ այսօր՝ Ուրբաթ, 2 Ապրիլ 2021-ին, Քրիստոսի Թաղման արարողութեան, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ՝ հաղորդուելու Քրիստոսի երկարաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին առնչուած դրուագներէն փոխանցուած խորհուրդով:

 

Թաղման արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը: Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ վեր առնելով Քրիստոսի թաղման իմաստն ու պատգամը: Ան ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդու փրկութեան համար: Նոյն նպատակին համար ան քարոզեց, հրաշագործեց, հալածուեցաւ, խաչուեցաւ եւ ապա յարութիւն առաւ: Մարդու փրկութիւնը կը պահանջէր մարդու վերամարդացումը՝ իր մեղքերուն թաղումով: Ահա այս նպատակին համար Քրիստոս թաղուեցաւ: Ան անմեղ էր, սակայն թաղուեցաւ մեր մեղքերը թաղելու եւ մեր մեղքերուն թաղումով մեզի վերանորոգ կեանք շնորհելու համար»:

 

Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ի՞նչ է պատգամը Քրիստոսի գերեզմանին: Այսօր մենք չենք եկած Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ լալու, ողբալու եւ զինք յիշելու, այլ՝ եկած ենք իրմէ խնդրելու, որ մեր մեղքերը իր հետ թաղէ, մաքրէ մեր կեանքը ու վերանորոգէ մեր մէջ ապականած աստուածային պատկերը: Այսօր եկած ենք Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, հաւատարիմ մեր Քրիստոնէական կոչումին՝ մեր մեղքերուն թողութիւն խնդրելու, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի մեղքին ու մահուան վրայ տարած Քրիստոսի յաղթական յարութեան շունչով»:

 

Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով մեր զաւակներուն, մօտենալու Քրիստոսի գերեզմանին եւ աղօթելու. «Ո՜վ տէր, մենք հաւատարիմ մնացինք առաջին Քրիստոնեայ ժողովուրդը ըլլալու քու տուած շնորհքիդ: Մենք չեղանք Սողոս, այլ եղանք Պօղոս, քու հաւատքդ ապրող ու անոր մասին վկայող: Մենք չեղանք Յուդա՝ քեզ մատնող, այլ եղանք Յովհաննէս Առաքեալ՝ սիրով ու հաւատարմութեամբ կառչած քեզի: Այսօր մենք գերեզմանիդ առջեւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ ուխտը սիրոյ ու հաւատարմութեան»:

 

Թաղման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի մասունքներուն մաս կազմող Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը պարունակող խաչով օրհնեց ժողովուրդը: Ապա, մինչեւ ուշ ժամերուն հաւատացեալները այցելեցին Մայր Տաճար եւ մեր եկեղեցւոյ հին աւանդութեան համաձայն ծաղիկներ առին գերեզմանէն՝ իրենց տուները տանելու, որպէսզի Քրիստոսի գերեզմանին խորհուրդով մաքրուին մեր տուները ամէն տեսակ ախտերէ, ցաւերէ, մեղքերէ ու հիւանդութիւններէ:

More News