27 May, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանուհիին միջեւ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցերու անդրադառնալու, ըլլան անոնք հայկական ու յատկապէս լիբանանեան:

 

Ողջունելով նորանշանակ դեսպանուհիին առաջին այցելութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց պատմական իւրայատուկ կապերը հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի պետութիւններուն միջեւ: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յատուկ անդրադարձ կատարեց Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան, Ֆրանսայի եւ խաչակիրներու միջեւ տեղի ունեցած յարաբերութեանց՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու կրօնական մարզերէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան գծով Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վերջին շրջանին Արցախի պատերազմին գծով Ֆրանսայի նեցուկը՝ ի նպաստ Հայաստանին ու Արցախին:

 

Դեսպանուհին ամբողջութեամբ բաժնելով Հայրապետին մօտեցումներն ու արժեւորումները, իր կարգին, վերահաստատեց այն պատմական ու բարեկամական կապերը, որ գոյութիւն ունին երկու ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն միջեւ, միաժամանակ յայտնելով, որ նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ անոնք կը շարունակուին զարգանալ:

 

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, դեսպանուհին ուզեց հասկնալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը՝ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին գծով: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մակերեսային, միակողմանի ու պարագայական մօտեցումներէ ու արժեւորումներէ անդին, խորքային մօտեցում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը՝ Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Այս մօտեցումով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ կարգ մը երեւոյթներու, որոնք արդիւնքն են Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն ու գոյութիւն ունեցող տագնապներուն: Խօսելով լուծման կարելիութիւններուն մասին, Հայրապետը ընդգծեց փոխադարձ զիջումներով նոր կառավարութեան անմիջական կազմութիւնը, որ ներկայացնէ բոլոր  համայնքներն ու հոսանքները եւ կարենայ երկիրը ուղղել դէպի վերականգնում:

 

Դեսպանուհին, իր կարգին, պարզեց Ֆրանսայի պետութեան շարք մը մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ ակնկալութիւնները եւ անդրադարձաւ վերջին ամիսներուն Ֆրանսայի կողմէ կատարուող աշխատանքներուն՝ թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ միջազգային համայնքէն ներս:

 

Հանդիպման աւարտին, դեսպանուհին իր փափաքով այցելեց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Մատուռը եւ իր յարգանքը մատուցեց մեր նահատակներու անմեռ յիշատակին:

More News