ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 26-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը բոլորէ Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին։

 

Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրանալով Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին՝ Հայրապետին մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար ու բեղուն գահակալութիւն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին՝ անսասանութիւն։

 

Պատարագիչ հայր սուրբը՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, քարոզին բնաբան ընտրած էր որոմին առակը, որ կ՚ուսուցանէ համբերութիւն եւ Աստուծոյ արդար դատաստանին վստահութիւն, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ Աստուծոյ գթառատութիւնն ու ողորմութիւնը։ Ապա, ան դիտել տուաւ, թէ օրը իւրայատուկ է իր տօնակատարութեամբ, որովհետեւ տարուան ընթացքին բոլորիս ընծայուած լաւագոյն առիթն է այսօր յետադարձ ակնարկով նայելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռին յատկապէս վերջին քառորդ դարու պատմութեան: Լուսարձակի տակ առնելով Ս. Աթոռոյս ծառայական առաքելութեան պատմութիւնը՝ հայր սուրը ըսաւ. «Վերջին 26 տարիներուն ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Միջ-կրօնական գետնի վրայ ո՛չ թէ միայն մասնակցեցաւ ու խօսեցաւ այլ կրօններու հետ հաշտ համակեցութեան եւ համագոյակցութեան մասին, այլ Միջին Արեւելքի մէջ լաւագոյն օրինակը հանիսացաւ հանդուրժողութեան, հասկացողութեան եւ երկխօսութեան: Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ չբաւարարուեցաւ միայն նախագահելով, ատենապետելով եւ կամ սոսկ ժողովներու մասնակցելով, այլ ռահվիրան հանդիսացաւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին եւ անոնց միջեւ հաշտութեան կամուրջ հանդիսացաւ: Ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Համահայկական գետնի վրայ խօսքով ու գործով զօրակցած եւ դիմագրաւած է սփիւռքեան ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ խոչընդոտ: Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնած է՝ համահայկական զօրակցութեան կոչեր ուղղելով եւ անձամբ գետնի վրայ ներկայ ըլլալով ու զօրավիգ կանգնելով անոնց: Սփիւռքի մէջ, Ս. Աթոռոյս թեմերուն միջոցաւ, եկեղեցիներու եւ ազգային վարժարաններու ճամբով հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ լեզուական ու մշակութային գոյատեւման պայքար մղած է: Դարձեալ հարց կու տամ, ինչե՜ր չէ ըրած այս Ս. Աթոռը: Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան մշտավառ ջահ մը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ օրինական եւ դատական գետնի վրայ: Տակաւին ուրիշ շա՜տ մարզերու մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ մեր Ս. Աթոռը՝ կրօնական, մշակութային եւ հայապահպան իր առաքելութեամբ: Այս բոլորը, բնականաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կատարեց յանձինս իր ազգընտիր ու արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին, որ նախ ի՛նք հաւատաց այս բոլորին ու ապա Աթոռի ոյժը կեդրոնացուց ճիւղաւորեալ յիշեալ բոլոր եւ այլ մարզերուն վրայ»:

 

Ապա, քարոզիչ հայր սուրբը խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ հաստատեց. «Վեհափառ Տէր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին 26 տարիներու պատմութիւնը Ձեզմով գրուեցաւ, Ձեզ պիտի պատմէ եւ Ձեզմով պիտի յիշուի: Շարականագիրին բառերուն միախառնելով մեր սրտագին մաղթանքները՝ կ՚աղօթենք, որ Աստուած Ձեր իշխանութեան գաւազանը շնորհազարդ պայծառացնէ»:

 

Հայր սուրբը իր քարոզը եզրափակեց Հայրապետական մաղթերգով, որուն յոտնկայս միացան ներկայ հաւատացեալները՝ երգչախումբին ընկերակցութեամբ. «Ամէն հայի սրտից բխած՝ լսիր այս ձայն, ո՜վ Աստուած, երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր՝ հայոց հօր, Տէ՜ր, անսասա՛ն պահիր Դու միշտ Քո իսկ հիմնած Սուրբ Աթոռ»։

 

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս եւս կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։