ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ՏԷ ՆՈԿԱԼԵՍ ՄԵՆՏԵԶԻ «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՄԱՀԻԿԻՆ ՏԱԿ» ՀԱՏՈՐԸ

Արաբերէն լեզուով Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի (Rafael de Nogales Méndez)  «Չորս Տարի Մահիկին Տակ» (أربع سنوات تحت الهلال) գիրքը լոյս կը տեսնէ «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի հրատարակութեամբ (թիւ 15)։ Գիրքին թարգմանութիւնը ռուսերէնէ կատարուած է սուրիացի անյայտ թարգմանիչի մը կողմէ, իսկ թարգմանութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է հալէպահայ ազգայիններէն Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։

 

Համաշխարհային առաջին պատերազմին Օսմանեան բանակին մէջ կամաւորաբար ծառայած վենեզուելլացի սպայ Մենտեզ ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայութիւնը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընելու «Իթթիհատ Վէ Թերաքքի» կուսակցութեան ծրագիրին գործադրութեան։ Ան Վան, Տիգրանակերտ եւ ապա Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու իրավիճակին ականատեսը եղած է բնաջնջման արարքին ու բռնագաղթին։ Ամէնուրեք հարց տալով կառավարիչներուն՝ ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն մասին, ստացած է նոյն պատաանը, թէ այս բոլորը ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային հրամանն էր։

 

Շուրջ 530 էջերու մէջ 31 գլուխներէ բաղկացած այս գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի յուշագրութիւնը, որուն բնագիրը սպաներէն է։

 

Յիշեցնենք, որ գիրքը կրնաք ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն եւ կամ այցելելով գրատան կայքը՝ www.ciliciabookstore.com։