Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Շաբաթ, 6 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի, Ֆրանսիս Պապին Իրաք տուած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի առնչուած հարցեր։ Յայտնենք, որ Դոկտ. Ալ-Խազեն Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութեանց դասախօս էր, ապա՝…