13 Մարտի, 2021

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Առնուած «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթէն.-

 

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

 

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ Հայրապետական Ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին հետ մնացին մնայուն ու հետեւողական:

 

Շրջանային վարչութեան ատենապետը նաեւ իր որդիական երախտագիտութիւնը եւ խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հօր, որովհետեւ Համազգայինը միշտ ալ վայելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրական գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը, որոնք խթան հանդիսացած են վարչութեան` նոր եռանդով շարունակելու իրեն վստահուած աշխատանքը եւ առաքելութիւնը:

 

Ապա, Վեհափառ Հօր ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին կայանալիք ձեռնարկին մանրամասնութիւնները: Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին` սոյն ձեռնարկին հովանաւորութեան համար:

 

Հանդիպումին արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեանքը յուզող հարցեր: Նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ Համազգայինի առցանց գործունէութեան, այսօրուան նիւթական ու տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այս ուղղութեամբ մշակուած ծրագիրներուն ու ցարդ կատարուած նախաձեռնութիւններուն:

 

Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տարած ազգանուէր եւ օգտաշատ ծառայութեան` շեշտը դնելով մշակոյթի կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան արտայայտութիւնն է եւ գոյութեան հիմքը: Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ առանց մշակոյթի ժողովուրդ չի կրնար ըլլալ եւ գոյատեւել` աւելցնելով, որ  քրիստոնէութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկը այն է, որ ան մշակոյթի մէջ ըլլալով մշակոյթի ճամբով ինքզինք արտայայտեց: Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը՝ հաստատելով, որ մշակոյթը կարեւոր դեր ունեցաւ մեր ինքնութեան հարստացման  եւ հզօրութեան մէջ:

 

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի ուսուցիչներէն արուեստագէտ Գէորգ Ուլաշեանի կողմէ տրամադրուած արուեստի գործ մը` Կաթողիկոսարանի արուեստի հաւաքածոյին համար:

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

More News