Չորեքշաբթի, 10 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։
Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներուն, Միջինքը կը նշէր Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ իր Հայրապետական պատգամը կ՚ուղղէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն. սակայն երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, այս տարի Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Անթիլիասի Մայրավանքէն։
«Աստուած մարդուն հետ եղաւ, որպէսզի մարդը Աստուծոյ հետ ըլլայ» միտք բանին կազմեց Նորին Սրբութեան պատգամին առանցքը։ Մեկնելով քրիստոնէական հաւատքի էութիւնն ու իմաստը ամփոփող սոյն հաստատումէն, Հայրապետը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքին առնչուած բոլոր ուսուցումներն ու սկզբունքները խարսխուած են Աստուածայայտնութեան մէջ։ Ան նշեց, որ Աստուածաշունչը կը վկայէ, որ Աստուած տարբեր շարժառիթներով, զանազան դէպքերու եւ անձերու ճամբով Ինքզինք յայտնեց մարդուն, եւ, հետեւաբար, յայտնութեան բովանդակութիւնը Աստուած ի՛նքն է՝ «քրիստոնէական ըմբռնումով, յայտնութիւնը Աստուածայայտնութի՛ւն է, յայտնողը ու յայտնուողը Աստուած է. այլ խօսքով, յայտնութիւնը Աստուծոյ մասին տեղեկութիւն չէ, անոր բովանդակութիւնը Աստուած Ի՛նքն է՝ Իր անձն ու գործը» ու աւելցուց, որ մարդը չէ որ զԱստուած ճանչցաւ, այլ Աստուած Իր յայտնութեան ճամբով մարդուն մօտեցաւ եւ անոր պարգեւած հաւատքին ու բանականութեան ճամբով կարելիութիւնը տուաւ զինք ճանչնալու։ Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է դէպի մարդ եւ մարդուն բարձրացումը՝ առ Աստուած» ըսաւ Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ «Աստուծոյ էջքը երկիր մէկ նպատակ կը հետապնդէր՝ մարդուն վերամարդացումը, մարդուն մէջ Աստուածային պատկերին վերականգնումով, մարդուն Աստուածատուր կոչումին վերահաստատումով»։ Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ քրիստոնեայ ըլլալու համար հարկ է խօսքը գործի՛ վերածելով ապրիլ եւ հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին։
Եզրակացնելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց, որ Աստուած մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դառնայ Իր բարիքներով, շնորհներով ու պարգեւներով։ Ան ընդգծեց. «Մեծ Պահքը առիթ մըն է Աստուծոյ հետ ըլլալու, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու։ Եթէ մեր կեանքի պայմանները մեզ հեռացուցած են Աստուծմէ, մօտենա՛նք մեր Արարիչին։ Եթէ մեր անձին հաճոյքն ու փառքը հեռու պահած են զԱստուած մեր կեանքէն, մօտենա՛նք մեզ սիրող ու պահպանող երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ։ Եթէ ընտրած ենք այնպիսի ճամբայ մը, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ, դառնա՛նք Աստուծոյ, որովհետեւ Ա՛ն է մեր ճշմարիտ ճամբան։ Դառնա՛նք Աստուծոյ մեր կեանքի տխուր թէ ուրախ պահերուն։ Աստուած մեզ կը սպասէ, ինչպէս սպասեց անառակ որդին ու գրկաբաց ընդունեց զինք։ Եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք, մեր կեանքէն հեռու պիտի մնան ամէն տեսակ չար ու չարիք»։
Նշենք, որ Ժամերգութեան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէն, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ «Զղջում»ի, «Տէր ողորմեա»-ի եւ Դաւանանքի աղօթասացութիւնը։
Ապա, Դպրեվանքի սաները նախաճաշեցին վանաբնակ միաբանութեան հետ։