Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքը, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նախ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը յուզող այժմէական հարցերուն, նոր կառավարութեան կազմութեան հարցէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական տագնապը, եւ ապա հայ ու Նորվեկիոյ ժողովուրդներու պատմական կապերուն: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յիշեց նորվեկիացի Ֆրիտճոֆ Նենսընի…