26 March, 2021

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս, Մեծ Պահոց շրջանին Հսկումի արարողութեանց մասնակցեցան կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց աշակերտներուն եւ իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն օրհնուած խաչեր բաժնեց անոնց։

 

Այսօր, տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց շրջանի Հսկումի վերջին արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Անթիլիասի Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն տիկին Ժանին Դանիէլեանին, որ նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով լծուած է մեր փոքրիկներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեան։

More News