5 April, 2021

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքին: Պատրիարքին կ՚ընկերանային Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներ եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:

 

Եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու առնչուած հարցեր ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս անոնց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու, ինչպէս նաեւ շրջանի միւս եկեղեցիներուն հետ կապերը աւելի սերտացնելու կարելիութիւնները:

 

Զատկուան առիթով Պատրիարքը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Նորին Սրբութեան, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

 

Յայտնենք, որ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորական նամակներ ստացաւ Ֆրանսիս Պապէն, կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերէ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու դեսպաններէ:

More News