Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐԸ
Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։ Ան զեկոյց տուաւ Նորին Սրբութեան նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ, նկատի ունենալով, որ այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է ան։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարի պաշտօնակատար Օհանեան-Գէորգեանին՝ ընդգծելով ընդհանրապէս Լիբանանին…