11 June, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԿՆՈՋ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Արաբական Աշխարհի մէջ Երկխօսութեան եւ Համագործակցութեան Միջ-Կրօնական Հարթակին (The Interreligious Platform for Dialogue and Cooperation in the Arab World (IPDC)) եւ համագործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID), 24 Մայիս 2021-ին ընթացք առաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան մէջ կնոջ դերը զարգացնող եւ ամրապնդող վարժողական դասընթացքին առաջին հանգրուանը, առցանց, «Հիա Լիլ Հիուար» կամ «Կինը՝ Երկխօսութեան Համար» խորագիրով։

 

Մէկ տարուան վրայ երկարող ծրագիրին կը հետեւին արաբական աշխարհի տարբեր երկիրներէ 27 կիներ։ Դասընթացքին նպատակն է փոխանցել հետեւեալ հմտութիւնները՝ երկխօսութիւն, ատելութեան խօսքի հակազդեցութիւն, խաղաղ համագոյակցութեան ամրապնդման համար ընկերային ցանցերու օգտագործում, միջ-կրօնական երկխօսութեան մէջ սեռերու հաւասար մասնակցութեան երաշխիքներ։

 

Սոյն դասընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցի Արազ Գոճայեանը։