Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 12 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցեւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խումբ մը երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի, իրենց անձնական ջանքերը ու ճիգերը ի գործ դնելով, 20 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու օժանդակեցին։ Այցելութեան ընթացքին, երիտասարդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին յիշեալ ընտանիքներուն եւ աղօթքով, քաջալերական ու զօրակցական արտայայտութիւններով գօտեպնդեցին զանոնք։
Սոյն նախաձեռնութիւնը իրականացաւ շնորհիւ ազնիւ նուիրատուի մը օժանդակութեամբ եւ Նորին Սրբութեան քաջալերանքով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ական երիտասարդները զանազան ծրագիրներու ճամբով մասնակից կը դառնան հայ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան առաքելութեան։ Նման աշխատանքներ պիտի շարունակուին հերթաբար կատարուիլ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ական երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ։