20 April, 2021

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Դոկտ. Ռընէ Ամրիի:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանը յուզող հարցերը, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ բացասական ներկայութիւնը թէ՛ շրջանէն եւ թէ Եւրոպայէն ներս, յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմին: Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց դեսպանին:

 

Հանդիպման ընթացքին դեսպանը յիշեց Նորին Սրբութեան դերը Վիեննայի մէջ հաստատուած Փրօ-Օրիէնթէ կրօնական ու մշակութային կազմակերպութենէն ներս, որուն կազմակերպած համագումարներուն մասնակից դարձած է Հայրապետը 1975-1985 երկարող շրջանին եւ դասախօսած:

More News