ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքին: Դեսպանին կ՚ընկերանային Նորվեկիոյ պետական թէ եկեղեցական մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

 

Վեհափառ Հայրապետին հետ դեսպանին վերջերս ունեցած հանդիպման լոյսին տակ կազմակերպուած այս հանդիպումին նպատակն էր քննել համայնքային կառոյցներու ընկերամարդասիրական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն օգտակար ըլլալու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Սեդա Խտըշեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Նելլի Վէքիլեան:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց դեսպանին, որ ընդառաջելով իր փափաքին կազմակերպած էր սոյն հանդիպումը, եւ ապա անդրադարձաւ հայ համայնքի կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական կառոյցներու գործունէութեան: Տիկ. Խտըշեան եւ օրդ. Վէքիլեան պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն՝ յստակ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց անցնող տարուան ընթացքին մարդասիրական բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն գծով:

 

Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած շինիչ քննարկումներուն համար եւ առաջարկեց, որ լիբանանահայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը գոյանայ, որպէսզի ներկայ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն հետ աւելի գործնական մօտեցումով աշխատանքային ծրագիրներ մշակուին: