23-25 Մարտ 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր Համաժողովին ծրագրաւորման յանձնախումբը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ՝ շարունակելու համար 31 Օգոստոսէն 8 Սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ նախատեսուած ԵՀԽ Ընդհանուր Համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։
Ծրագրաւորման յանձնախումբը որդեգրեց «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՚առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն եւ միութիւն» թեման եւ 2018-ին Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ վաւերացուած հիմնական օրակարգերը։ Եռօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը արծարծեց համաժողովին օրակարգերը, որոնք առաջարկուած, մանրամասնուած եւ քննուած էին ԵՀԽ-ի աշխատակազմին կողմէն։ Օրակարգերը կ՚ընդգրկեն՝ ամենօրեայ աղօթասացութիւն, թեմական նիստեր, խմբական աշխատանքներ, միջ-եկեղեցական զրոյցներ եւ «Պրիւննըն» աշխատանոցներ։ Հիւրընկալ եկեղեցին՝ Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցին, առաջարկեց «Պրիւննըն» աշխատանոցի կերպը (պրիւննըն գերմաներէն ջրհոր կը նշանակէ) որպէս թեմային կապուած մտածումներու արտայայտութեան ապահով եւ բաց տարածք։
Յանձնախումբը դիտել տուաւ նաեւ, որ Թագաժահր համաճարակն ու ապագայի ազդեցութիւնները շատ հաւանաբար իրենց գերակշիռ տեղը պիտի ունենան Ընդհանուր Համաժողովին։
Խօսելով միջ-եկեղեցական զրոյցներուն մասին, Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան ընդգծեց, որ երիտասարդներուն կարծիքներուն ու մտահոգութիւններուն առաջնահերթութիւն պէտք է տրուի Համաժողովի յանձնարարութիւններուն մէջ. այս առաջարկին միացան ժողովականները միաձայնութեամբ։