ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հակառակ մեր շուրջը տիրող աննպաստ պայմաններուն, Անթիլիասի Մայրավանքը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, նշեց մեր պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը եւ վերանորոգեց «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ուխտը։   Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիաս Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի նախատօնակ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն,…