Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-
1) Կաթողիկոսարան այցելեց մարոնիթ համայնքի քաղաքական ղեկավարներէն Սիմոն Քարամ: Ան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց խումբ մը քրիստոնեայ քաղաքական դէմքերու կողմէ Լիբանանը յուզող հարցերու գծով իրենց տեսակէտները եւ ապա ուզեց իմանալ Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումները:
2) Նորին Սրբութիւնը ընդունեց «Անկախ Լիբանանցիներու Խմբաւորում»ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Դոկտ. Թուֆիք Հինտիի: Պատուիրակութիւնը խնդրեց Վեհափառ Հայրապետէն Յուլիս 1-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին շեշտէ նոր կառավարութեան կազմութեան հրամայականը:
3) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կաթողիկոսարանի հովանաւորութիւնը վայելող «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի վարիչ մարինը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վարդապետ Նաճարեանի: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց համաճարակի պատճառով շրջան մը կանգ առած երգչախումբին աշխատանքներուն վերսկսումը: