24 March, 2021

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ի առաւօտեան, Ազգային Ազատականներու Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց կուսակցութեան մտահոգութիւնը եւ Լիբանանը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու իր պատկերացումը: Միաժամանակ ան յատուկ գնահատանք արտայայտեց լիբանանահայութեան առողջ մօտեցումներուն՝ երկիրը յուզող հարցերու գծով:

 

Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, շեշտեց Լիբանանը դիմագրաւող ներքին թէ արտաքին խնդիրներու նկատմամբ հաւասարակշռուած ու համախոհ մօտեցման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը՝ երկիրը փրկելու համար հետզհետէ խորացող տնտեսական տագնապէն եւ անոր ծանր հետեւանքներէն: