ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Շաբաթ, 15 Մայիս 2021-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի (Ե.Պ.Հ.) Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համահայկական ուսանողական առցանց խորհրդաժողով մը՝ «Հայ Ուսանողութիւնը՝ Ազգային Վերածնունդի Առաջամարտիկ» խորագրով։   Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն ուսանողներ եւ ուսումնական-կրթական ոլորտի մէջ ծառայող անհատներ, որոնք արտայայտուեցան Արցախի պատերազմի ձգած հետեւանքներուն եւ անոր վերածնունդին մէջ երիտասարդ ուսանողներուն դերակատարութեան անհրաժեշտութեան մասին։  …