Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ՝ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անթիլիաս, 19 Ապրիլ 2021

 

Գերաշնորհ

Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան

Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին

Նիւ Եորք

 

Սիրելի՛ Սրբազան,

 

Խոր ցաւով իմացանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտիկ բարեկամ­ներէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի կարկառուն դէմքերէն՝ Վարդան Գրիգորեանի մահուան գոյժը։ Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ազգ. Իշխանութեան եւ հանգուց­եալի հարազատներուն։

 

Արդարեւ, Վարդան Գրիգորեան իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօններով ու բեղուն գործունէութեամբ եղաւ հանրածանօթ մտաւորական ու յարգուած անձնաւո­րութիւն՝ վայելելով հայ թէ օտար հասարակութեան սէրն ու յարգանքը, միանգամայն բարձր պահելով մեր ժո­ղովուրդին անունն ու վարկը ամերիկեան շրջանակներէն ներս։ Վարդան Գրիգորեան եղած է մօտիկ բարեկամներէն մէկը Մեր երջանկայիշատակ նախորդներուն՝ Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներուն, եւ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Արեւելեան թեմի մեր Ազգ. Առաջնորդարանին հետ։ Մենք անձամբ ճանչցած ենք զինք եւ բարձր գնահատելով իր լայնածա­ւալ գործունէութիւնը, 1997-ի Հոկտեմբերին Արեւելեան թեմին տուած Մեր հովուապետական այցելութեան ընթացքին իրեն շնորհած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Իշխանի կարգի շքանշան։

 

Վարդան Գրիգորեան նաեւ օգտակար հանդիսացած է մեր ժողովուրդի դատի պաշտ­պան­ման, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման աշխա­տանքներուն` յատ­կա­պէս Իրանի Սուրբ Թադէի Վանքի վերանորոգման իրականացման բերելով իր աջակցու­թիւնը։

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Վարդան Գրիգորեանի հոգին ընդունի երկնային երանական խաղաղութեան մէջ, եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ իր հարազատներն ու սգակիր բարեկամները։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ