21 May, 2021

ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ

Ա) Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապէն անձնական նամակ մը ստացաւ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած ծրագիրի մը մասին:

 

Բ) Դոկտ. Սորիթուա Նապապանի մահուան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին եւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին: Նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Նապապանի կատարած նուիրեալ ծառայութեան միջ-եկեղեցական շարժումին: Դոկտ. Նապապան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց փոխ-ատենապետը եղած էր՝ Վեհափառ Հայրապետին ատենապետութեան առաջին շրջանին (1991-1998) եւ յաճախակի առիթներով Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս մասնակցած էր միջ-եկեղեցական համագումարներու ու հանդիպումներու։

 

Գ) 16 Մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած կրօնական արարողութիւն մը: Յիշեալ արարողութեան մասնակից դարձաւ Թեհրանէն Անի Քրիսթի Սրկ. Մանուէլեան: Որպէս անդամ յիշեալ խորհուրդին, Թեհրանի երեք թեմերուն անունով Գերշ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմի, նոյն օրը խօսք առնելով շեշտեց Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին գործունէութեան կարեւորութիւնը շրջանէն ներս: Ան նաեւ անդրադարձաւ համաճարակի այս օրերուն եկեղեցիներուն կատարած մարդասիրական ծառայութեան կարեւորութեան:

 

Դ) Մի քանի օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետը նամակ ստացաւ Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէն, ուր ան տեղեակ կը պահէր Վեհափառ Հայրապետը իր վերընտրութեան մասին: Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց Մահտեսեանի վերընտրութիւնը, բարձրօրէն գնահատեց անոր կատարած ծառայութիւնները հայ համայնքին եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ շրջանի իր գործունէութեան մէջ:

 

Ե) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Յանձնախումբի Գործադիր Վարչութիւնը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանին, երէկ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ: Գործադիր Վարչութեան մաս կը կազմեն Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան: Հանդիպման նպատակն էր արժեւորումը կատարել շուրջ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած համասփիւռքեան երիտասարդաց հանդիպումին:

More News