23 March, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

 

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներուն: Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց դեսպանը, թէ անդրադարձ եղած է օր մը առաջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին, շրջանէն ներս եւ մասնաւորաբար Արցախի պատերազմին Թուրքիոյ դերակատարութեան: Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան նպաստէ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին:

More News