«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐ (21-23 ՄԱՐՏ 2018)» ԺՈՂՈՎԱԾՈՒԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն

 

Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին  շնորհահանդէսը:

 

Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս: Հոն ամփոփուած են Մարտ 2018-ի  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ գիտաժողովին զեկուցում-յօդուածները, զորս ներկայացուցած են  Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի տասնեակ պատմաբաններ:

 

«Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման հերթական տարեդարձի նախօրեակին մենք կարեւոր նկատեցինք այս միջոցառումը, որովհետեւ պետականութեան խնդիրը մեր դիմաց դրուած թիւ մէկ խնդիրն է: 3 տարի առաջ մենք ձեռնարկեցինք կարեւոր ծրագիրի, որ հայոց պետականութեան 100-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներու շարքն էր: Այդ գիտաժողովը իր ձեւով ու բովանդակութեամբ կը տարբերի բոլոր գիտաժողովներէն` իր գիտաքաղաքական կարեւորութեամբ», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան:

 

Ան նշեց, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին բազմաթիւ հաստափոր հատորներ գրուած են, սակայն այս բոլորը բաւարար չեն ըսելու համար, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը յաւուր պատշաճի ուսումնասիրուած է:

 

«Մենք այս գիտաժողովով փորձեցինք ցրել այն թիւր պատկերացումը, թէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուած է դատարկ հողի վրայ, չէ ունեցած նախապատմութիւն: Մինչդեռ մեր զեկուցումներուն մէկ մասը, որոնք նուիրուած էին առաջին Հանրապետութեան հռչակման նախապատմութեան, յստակ ցոյց կու տային, որ անոր արմատները կ՛երթան մինչեւ 19-րդ դարու վերջ, 20-րդ դարու սկիզբ: Ժողովուրդի միասնականութիւնը յստակ կ՛երեւի   ազատագրական պայքարին մէջ: Ժողովածուին մէջ կան բազմաթիւ զեկուցում-յօդուածներ, որոնք նուիրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառուցուածքին, դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն, անկման պատճառներուն, խորհրդային Ռուսիա-քեմալական Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն, վիճելի տարածքներուն` Զանգեզուրին, Արցախին, Նախիջեւանին», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

 

Այնուհետեւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանին` շնորհահանդէսի կազմակերպման աջակցելու համար:

 

Ողջունելով մասնակիցները` Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ Հասարակական Գիտութիւնների Բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար, ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան նշեց, որ ժողովածուին մէջ կան բազմաթիւ նիւթեր` 1918-1920 թուականներու պատմութեան վերաբերող: «Մեր խնդիրը այն է,  որ, ընդունելով մեր անցած հարիւրամեայ ճանապարհը, հիմա ջանք պէտք է գործադրել, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որպէսզի կրկին անգամ չկորսնցնենք մեր պետականութիւնը: Այսօր մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ մեր պետականութեան ամրապնդումը եւ զարգացումը», դիտել տուաւ ան:

 

Ողջոյնի խօսք փոխանցեց պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, որ վեր առաւ գիտաժողովին կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ այսօրուան իրավիճակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԳԱԱ-ին` շնորհահանդէսի կազմակերպման համար:

 

Արժեւորման խօսքեր արտասանեցին Լիբանանէն յատկապէս այս առիթին համար Երեւան գտնուող, «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական յանձնախումբի անդամներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան եւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Այնուհետեւ գիտաժողովին եւ հրատարակութեան գնահատականը կատարեցին գիտաժողովին մասնակցած ակադեմականները: Բոլորին հաստատումով, Անթիլիասի գիտաժողովը առանձնացաւ Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով բոլոր գիտաժողովներէն իր համապարփակութեամբ, գիտականութեամբ եւ ներկայացուած զեկուցումներու ունեցած այժմէական նշանակութեամբ: Մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին` իր նախաձեռնութեան, հովանաւորութեան եւ կարեւոր այս առիթին հայ պատմագիտական, իրաւագիտական եւ քաղաքագիտական մարդուժի համախմբան համար: