26 April, 2021

ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին՝ յիշեցնելով, որ Լիբանանի ժողովուրդը եւս Օսմանեան թուրքերու ջարդին ենթակայ եղած է:

 

Նորին Սրբութեան հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց նաեւ մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Րաաի Պատրիարքը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայրապետին։ Այս առիթով երկու հոգեւոր պետերը խորհրդակցութիւն մը ունեցան Վատիկանի առնչուած հարցի մը գծով:

 

Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանք պիտի այցելեն Լիբանանի գլխաւոր կուսակցութիւններէն պատուիրակութիւններ, Ապրիլ 24-ի առիթով նոյնպէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին:

More News