Երեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ Հայրապետին կ՚ընկերանային միաբան հայրեր։
Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ։ Ապա, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ վերոյիշեալ թանգարանի շրջափակին մէջ գտնուող դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին առջեւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում տեղի ունեցաւ՝ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր անձնուէր ծառայութիւններուն համար՝ հանդէպ ցեղասպան թուրքին ձեռամբ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդին։
Խօսելով իր այցելութեան եւ յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ «Ապրիլ 24-ի ոգիով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, հեռու լուսարձակներէ ու պաշտօնականութենէ, ուզեցի այցելել «Թռչնոց Բոյն» եւ հազարաւոր որբերու անունով յարգանք մատուցանել ու աղօթել Մարիա Ճէյքըպսընի հոգիին համար։ Մարիա Ճէյքըպսընի ոչ միայն խնամատարը ու պաշտպանը եղած է մեր հազարաւոր որբերուն, այլ բառին հարազատ հասկացողութեամբ ՄԱՅՐ եղած է անոնց։ Ան 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն տեսած ու վկան դարձած է, այլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ապրած է զայն: Այս դամբարանը յուշարար մըն է, որ օտար ազգի ծնունդ այս երիտասարդուհին հայերէն սորված է, հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրած է եւ մայրը դարձած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հազարաւոր որբերուն»։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը վերաշեշտեց Մամային՝ Մարիա Ճէյքըպսընի մեզի փոխանցած պատգամը՝ «մի մոռնաք ձեր նահատակները ու անոնց նուիրական կտակը։ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ սկսած Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութիւնը այսօր կը շարունակուի եւ պէ՛տք է շարունակուի»: