«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Նիստին մասնակցեցան փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։

 

Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց վերջերս լոյս տեսած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ» խորագիրով եւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի խմբագրութեամբ հատորը։ Այս հատորը ժողովածուն է Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած գիտաժողովին ներկայացուած նիւթերուն։ Հատորի բովանդակութիւնը երաշխաւորուած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդին կողմէ։

 

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց այս հրատարակութեան որակեալ եւ գիտական բովանդակութիւնը։

 

Զեկուցուցեաւ, որ լոյս տեսած է նաեւ Ռաֆայէլ Տը Նոկալէս Մենտեզի «Չորս Տարի Մահիկին Տակ» խորագրեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը, զոր կատարած է դոկտ․ Հուրի Ազէզեան։

 

Հրատարակութեան պատրաստութեան յանձնուած են Օսքար Լոփեզ Կոլտարասենայի «Տի Արմինիըն Քալչըրըլ Ճենոսայտ» (Հայոց Մշակութային Ցեղասպանութիւն) եւ դոկտ․ Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ 1920-130 թթ» հատորները։

 

Նկատի ունենալով, որ Նորին Սրբութեան կողմէ այս տարին հռչակուած է «Արցախի Տարի», ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկեց Արցախին յատկացուած պատմական, մշակութային եւ քաղաքական բնոյթի գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններ հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը։

 

Ժողովականները նպատակայամար նկատեցին, որ յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթի եւ հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններու վերաբերող օտարալեզու հրատարակութիւնները եւ այս թեմաներուն շուրջ համաժողով կազմակերպելու համար նախագիծեր պատրաստուին։

 

Արդարեւ, այս հաղորդագրութեամբ կոչ կ՚ուղղենք, որ յատկապէս արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով Արցախի մասին բազմաթիւ ոլորտներու ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ ապահովուին եւ յանձնուին յանձնախումբին՝ հրատարակութեան նպատակով։