«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐ (21-23 ՄԱՐՏ 2018)» ԺՈՂՈՎԱԾՈՒԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին շնորհահանդէսը: Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս: Հոն ամփոփուած են Մարտ 2018-ի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ…