Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱՅԻՍԻԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղած իր նամակով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ձեր ընտրութիւնը շօշափելի արտայայտութիւն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած վստահութեան ու համարումին»: Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր նախագահին՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ողջ աշխարհը ու Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւեն ահաւոր տագնապներ ու մարտահրաւէրներ:

 

Անդրադառնալով Իրանի հայ համայնքին եւ անոր գործօն մասնակցութեան Իրանի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան, Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները միշտ պիտի մնան նորընտիր նախագահին հոգածութեան առարկան: