Աւագ Հինգշաբթի, 1 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի աւանդական կարգը, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը սքանչելի կատարողութեամբ մեր բազմադարեան հոգեւոր երգերով հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծեց եկեղեցիէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին, հետեւելով Մեծ Վարդապետին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին՝ ոտքերը լուաց երկու միաբան հայրերու, երկու սարկաւագներու եւ Դպրեվանքի ութ ուսանողներու:
Ապա քրիստոնէական կրօնի սիրոյ ու խոնարհութեան արժէքները արտայայտող արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին:
Որպէս իր պատգամին մեկնակէտ՝ Վեհափառ Հայրապետը ընտրած էր Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն հատուած մը, ուր Առաքեալը կ’ըսէր. «Եթէ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ ոչինչ կ’արժեմ» (Ա. Կր 13.2): «Այս պարզ տողերով առաքեալը կը պարզէ սիրոյ իմաստը ու մանաւանդ հրամայականը: Եթէ փորձենք քրիստոնէութիւնը խտացնել մէկ բառի մէջ, այդ բառը սէրն է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: «Սէրը սովորական իմաստով արժէք կամ արժանիք, ուսուցում կամ առաքինութիւն չէ, այլ՝ մարդու գոյութեան իմաստ ու նպատակ տուող երկնային շնորհք է ու միաժամանակ կոչում», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
Շարունակելով իր խօսքը ան ըսաւ, թէ «սէրը Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկը չէ միայն, այլ՝ աստուծոյ էութիւնն իսկ է: Արդարեւ, սէրէ մղուած Աստուած տիեզերքը ստեղծեց, սէրէ մղուած մարդը ստեղծեց եւ իրեն գործակից նշանակեց, սէրէ մղուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ փրկելու համար մահուան ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդը, սէրէ մղուած Քրիստոս խաչ բարձրացաւ, եւ նոյն սէրէն մղուած Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ աշխարհ՝ յարութիւն տալու համար մարդոց: Ահա սիրոյ անհուն խորհուրդը ու հզօր պատգամը»: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց թէ՝ «Քրիստոս ո՛չ միայն սիրոյ կարեւորութեան անդրադարձաւ, ո՛չ միայն թելադրութիւններ կատարեց ու սիրոյ ճամբան ցոյց տուաւ, այլեւ իր կեանքը վերածեց սիրոյ պատարագի: Քրիստոս Աստուածային սիրոյ էջքն է երկիր, որպէսզի մարդը բարձրացնէ երկինք: Սէրը երկինքին ու երկրին հանդիպումն է՝ Քրիստոսի ճամբով: Հետեւաբար, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ սէրը ապրի՛լ»:
Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններուն, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «որքա՜ն հրամայական է սիրոյ առանցքային ներկայութիւնը մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքէն ներս: Ուր սէրը բացակայ է հոն կը տիրէ նախանձ, ատելութիւն, հեռացում ու բեւեռացում: Ուր սէրը ներկայ է հոն Աստուած ներկայ է՝ մարդուն նկատմամբ իր ունեցած անհուն սիրոյն որպէս արտայայտութիւն Քրիստոսի ճամբով: Սէրը աղբիւր է խոնարհութեան ու ծառայութեան: Չի՛ բաւեր ըսել միայն կը սիրեմ. չի բաւեր միայն թելադրել սիրել. ճշմարիտ սէրը մեզ կը մղէ հեռու մնալ ամէն տեսակ փառքի, դիրքի ու մամոնայի կառչած մնալու սին փառամոլութենէ ու ըլլալ խոնարհ: Փոխանակ հրահանգելու՝ ծառայել, փոխանակ դիտելու՝ մասնակցիլ ու դառնալ բարի սամարացի, որ օրինակն է խոնարհութեան ու ծառայութեան, այլ խօսքով՝ ճշմարիտ սիրոյ»:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «մի քանի օրեր առաջ Կաթողիկոսարան երիտասարդուհի մը ներկայացած է եւ փոքր գումար մը նուիրած՝ ըսելով, որ Կաթողիկոսարանը օգտակար կ’ըլլայ կարիքաւորներուն, այս իմ փոքր մասնակցութիւնս է, նոյն նուիրական աշխատանքին: Վստահ եղէք, որ Աստուծոյ համար այս երիտասարդուհին իր ծառայական սիրոյ արտայայտութեամբ աւելի ընդունելի է, քան թէ դիրքով, փառքով կամ մամոնայով յղփացած նոր օրերու փարիսեցիները, որոնք մեր կեանքին մէջ սոսկ մարմնաւոր եւ ոչ Քրիստոնէավայել ներկայութիւն են: Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով՝ ցոյց տուաւ մարդ ըլլալ, այլ խօսքով՝ բարի սամարացի ըլլալու, այրիի լուման դառնալու ճշմարիտ ճամբան»:
Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները մօտեցան Սուրբ Խորան՝ ստանալու համար օրհնուած իւղէն:
Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը երեկոյեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերի արարողութիւնը. երգուեցաւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» յուզիչ հոգեւոր երգը, եւ ապա արարողութեան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը: Արարողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի սաներու մասնակցութեամբ: