Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱԿԱՐԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱԿԱԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԷՊՔԸ
Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ Վանքի շրջափակէն ներս, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրի ոչ-վայել խնճոյք: Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք.…