Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, միաբան հայրերու ու հաւատացեալ ժողովուրդի, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով։
Ս. Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետին կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգին Հանրապետութիւնը եւ շնորհք ու իմաստութիւնը տայ բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութիւնը ունին, որպէսզի կարող ըլլան ուղիղ դատաստանով ու արդարութեամբ առաջնորդել մեր ժողովուրդը»։ Հայրապետը նաեւ աղօթեց, որ Աստուած Իր Ս. Աջով օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մեր հայրենիքը եւ մեր Ս. Եկեղեցին։
Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Խօսելէ ետք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան մասին ու յատկապէս ընդգծելով «Մարդու Որդին չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու» Քրիստոսի խօսքը գործով ցոյց տալու ու կեանքով ապրելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով, ան լուսարձակի տակ առաւ Հայրապետին անցնող աւելի քան 25-ամեայ ծառայական առաքելութիւնը։ 26 տարիներու Վեհափառ Հայրապետին գահակալութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ ան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին փաստօրէն բոլոր բնագաւառներէն ներս դարձաւ եւ իր ծառայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձուց տիրական ներկայութիւն։ Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը միաբանութեան անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան անուանակոչութիւնը՝ յիշելով, որ 53 տարիներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակին, իր ձեռնադրութեան ժամանակ ստացած է «Արամ» անունը։
Նշենք, որ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ 1918 թուականին Սարդարապատի, Բաշ Ապարաանի, Ղարաքիլիսայի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց արիւնը թափած ու նահատակուած մեր ժողովուրդի քաջամարտիկ ու հերոս զաւակներու հոգիներուն համար։
Յայտնենք, որ Մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնին օրը, Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի լրատուամիջոցին ճամբով, Վեհափառ Հայրապետը առցանց տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ «ամեակները սոսկ անցեալին նայելու առիթներ չեն։ Անոնք նաե՛ւ յիշեցում են ու մարտահրաւէր՝ անցեալի լոյսին տակ ու ներկայի պայմաններուն համահունչ, քննական հայեացքով ու նպատակասլաց տեսլականով ապագան ծրագրելու ու կերտելու։ Այսպէ՛ս է Մայիս 28-ն մեր ազգին համար»։
Խօսելով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին՝ Հայրապետը ըսաւ, որ «առաջին անկախութենէն 103 տարիներ ետք Հայաստանը դարձեա՛լ կ’ապրի ճակատագրական օրեր։ Արցախի պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով զոհեր տուինք, հող կորսնցուցինք, տխրահռչակ յայտարարութիւն ստորագրեցինք եւ աւելին՝ այսօր վտանգուած են նաե՛ւ Հայաստանի սահմանները։ Արդարեւ, մեր ազգը խորապէս ցնցող, Արցախի անկախութիւնը վտանգող, Հայաստանի ապագան մշուշապատող յիշեալ վտանգալից զարգացումներուն նկատմամբ Սփիւռքը ու Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ»։
Անդրադառնալով պատմութեան ընթացքին Հայաստանի ունեցած աշխարհագրական ու ռազմավարական դիրքին եւ այդ պատճառով Հայաստանը յաճախ կռուախնձոր ըլլալու իրողութեան, ինչպէս նաեւ մեր պետականութեան հիմերը վտանգուելու մտահոգութենէն մղուած, Հայրապետը ըսաւ, որ «այսօր եւս նո՛յնն է պարագան։ Հարկ է ժամանակի նշանները ճի՛շդ կարդալ, Կովկասէն ներս Հայաստանի տեղն ու դերը իրապա՛շտ մօտեցումով արժեւորել ու համապատասխան կողմնորոշում որդեգրել՝ հեռու տեսական մօտեցումներէ, ամբոխավարական պոռթկումներէ ու պարագայական որոշումներէ։ Հայաստանի տագնապը էապէս անվտանգութեան ու գերիշխանութեան տագնապ է։ Եթէ չկարենանք զայն այսօր միասնականութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել, Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան կրնայ վտանգուիլ»։ Այս իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց զգօնութեան ու արթնութեան, որովհետեւ «պատերազմը տակաւին չէ աւարտած։ Մեր ցեղասպան դրացիները կը շարունակեն սպառնալ Հայաստանի ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան եւ Արցախի անկախութեան. իսկ մենք քինախնդրութեամբ լեցուն զիրար կ՚ամբաստանենք, մեր ոյժերը կը ջլատենք՝ կորսնցնելով նոյնիսկ մեր բարոյական ու ազգային արժէքներու կողմնացոյցը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումները ու թելադրութիւնները փոխանցեց՝ ամուր Հայաստան ունենալու հեռանկարով, ինքնիշխան Արցախի իրաւունքներու պահպանման տեսլականով եւ կազմակերպ ու հզօր Սփիւռք պահելու յանձնառութեամբ։