Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն: Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ 1 Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու: Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի…