Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Հայր սուրբը իր երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքը ուղղելէ ետք Նորին Սրբութեան՝ ներկայացուց նորընտիր վարչութիւնը, որմէ ետք հակիրճ կերպով զեկուցեց երգչախումբին ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին։ Ան յատկապէս յիշեց, որ «Շնորհալի» երգչախումբի արուական խումբը, առաջին անգամ ըլլալով, Վերափոխման տօնին առթիւ, կը պատրաստուի Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը  կատարել Կոմիտասեան։ Յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն անդրադառնալով՝ հայր սուրբը յայտնեց, որ խումբը ժողովուրդին ներկայացնել հիմնական երեք համերգներ՝ նուիրուած Ապրիլ 24-ի սրբացեալ նահատակներուն եւ Բարսեղ Կանաչեանին, ինչպէս նաեւ արաբերէնով փունջ մը շարականներ։ Հայր սուրբ նաեւ կարեւորութեամբ յիշեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն անդամները պիտի սկսին հետեւիլ ձայնագրութեան դասընթացքներու։

 

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատեց ու քաջալերեց տարուող աշխատանքներն ու ծրագիրները։ Ապա, ան ողջունեց նորընտիր վարչութիւնը ու անդրադարձաւ երիտասարդութեան ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր նոր սերունդի զաւակները կը հեռացնեն մեր եկեղեցական, մշակութային ու ազգային արժէքներէն։ Այս առիթով, ան բարձր գնահետեց երգչախումբի անդամներուն կապուածութիւնը, որոնք յաճախ ընտանեկան պարտաւորութիւնները զոհելով եւ առօրեայ աշխատանքի յոգնութիւնը անտեսելով իրենց ժամանակը ի սպաս կը դնեն հայ երգի ու երաժշտութեան պահպանման առաքելութեան։